2011-12-18 13:15:21

Սրբազան Քահանայապետի Ռէպիպիայի Բանտարկեալներուն Արտասանած Ճարը
<<Աստուծոյ Որդին եւս` ազատազրկման փորձարութիւնը ապրեցաւ>>։


<<Բանտն էի եկաք զիս տեսնելու>> Մատթէոսի աւետարանի այս խօսքերը լիովին կը բացայայտեն իմ այցելութեանս իմաստը։ Հոն ուր կայ անօթի մարդ` օտար` հիւանդ` բանտարկեալ հոն է նաեւ Քրիստոսը որ կը սպասէ մեր այցին ու մեր օգնութեան։ Այս է հիմնական պատճառը որ զիս հոս մղեց այսօր աղօթելու` զրուցելու եւ մտիկ ընելու ձեզի - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն։ Փափաք ունէի լսելու ձեզմէ իւրաքանչիւրին անձնական մարդկային փորձարութիւնը դժբախտաբար սակայն ասիկա անկարելի է, հետեւաբար կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել թէ Աստուած ձեզ կը սիրէ անհուն սիրով։ Աստուծոյ Որդին եւս` մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս` ազատազրկման փորձարութիւնը ապրեցաւ եւ ենթարկուեցաւ դատարանի մը ամէնադաժան դատավճիռին որ է Մահը - յայտնեց Նորին Սրբութիւնը ու ապա խօսեցաւ արդարութեան ու մարդու արժանապատւութեան մասին հաստատելով որ մարդկային արդարութիւնը տարբեր է Աստուածայինէն։ Որքան հեռու է մեր տրամաբանութիւնը Աստուծոյ տրամաբանութենէն - ըսաւ Սրբազան հայրը - եւ որքան տարբեր է անոր գործելակերպը։

Տէրը մեզ կը հրաւիրէ հասկնալու եւ պահելու օրէնքի ճշմարիտ հոգին անոր տալով կատարելիութիւն սիրոյ մէջ` հանդէպ կարօտեալին։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ անդրադրձաւ կալանաւորութեան համակարգի մասին որ է պահպանել հասարակական կեանքը վտանգներէն եւ միւս կողմէ վերականգնեցնել կամ վերադաստիարակել անոնք որոնք սխալ գործած են։ Հուսկ Սրբազան Հայրը ակնարկեց մօտալուտ Ծննդեան Սուրբ Տօնին ու Յիսուսի փրկարար առաքելութեան։ Փրկութիւն մը - ըսաւ Սրբազան հայրը - որ պարտադրուած չէ այլ սիրոյ` ողորմութեան եւ ներումի ճամբով է որ մեզի կը հասնի։ Բեթղեհէմի Մանուկը երջանիկ պիտի ըլլայ այսն ժամանակ երբ բոլոր մարդիկը վերադառնան Աստուծոյ։ Հետեւաբար լռութեամբ աղօթենք ձերբազատուելու համար մեղքի` բանտէն ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը աւարտելով հաստատեց որ Եկեղեցին կ՛աջակցի եւ կը խարխուսէ ամէն այն ջանքերը որոնք կը ձգտին անհատի արժանավայել կեանք մը ապահովելու ու յայտնեց իր անձնական մօտիկութիւնը հանդէպ իւրաքնաչիւր բանտարկեալի` ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։ Տէրը օրհնէ ձեզ ու ձեր ապագան։








All the contents on this site are copyrighted ©.